2013-03-26 15:24:59

Աւագ Ուրբաթ Օրուայ ''Ճանապարհ Խաչի'' 14 Կայաններու Խորհրդածութիւնները` Անարդարութիւններու Դէմ Աղաղակ Մը։


Հարցազրոյց կարտինալ Ռաի-ի` մարոնիներու Անտիոքի պատրիարքին հետ։

Մամուլին ներկայացնելով Աւագ Ուրբաթ օրուայ ''Ճանապարհ Խաչի'' 14 կայաններու խորհրդածութիւնները, շարադրուած լիբանանցի քրիստոնեայ երիտասարդներէն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խնդրանքով, կարտինալ Ռաի, մարոնիներու Անտիոքի պատրիարքը ըսաւ. այդ խորհրդածութիւնները աղաղակ մըն են ամէն անարդարութեան դէմ, եւ հրաւէր մը ճանչնալու խաղաղութեան արժէքը եւ զօրակցութեան ժէսդ մը հանդէպ տառապեալներուն։

Լիբանանցի երիտասարդները իրենց տեսակիւնէն կը ներկայացնեն բազամթիւ անարդարութիւնները եւ կը հարցադրեն ''ի՞նչ կ'ընէ միջազգային հասարակութիւնը վերահաստատելու համար խաղաղութիւնը եւ պաշտպանելու տկարները'' - ըսաւ կարտինալ Ռայի։ Ան ապա անդրադառնալով ճանապարհ խաչիի նշանակութեան մասին ըսաւ. ''ճանապարհ խաչը կ'իւրացնէ Յիսուսի չարչարանքը։ Անիկա կը ներփակէ նշանը Յիսուսի հետ հանդիպումին։ Ամէն կայան պատուհան մըն է բացուածք մը որ կը հրաւիրէ Յիսուսի հետ հանդիպում ունենալու, ըլլայ երբ խաչը ուսը կ'առնէ, ըլլայ երբ կ'իյնայ կամ երբ իր Մօրը` Մարիամին հետ կը հանդիպի։Ամէն կայան կը ցոլացնէ մարդկութեան տառապանքը։ Այդ 14 խորհրդածութիւնները կ'արտացոլեն մասնաւորապէս տառապանքը պատերազմի ու բռնութեան։ Երիտասարդներու ակնկալութիւնները ի տես սահմանափակ հորիզոնին, անվտանգութեան հարցը, ուր միջազգային հասարակութիւնը անկարող է լուծելու ընդհարումները։ Արեւելքը կ'ապրի ողբերգութիւն մը Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ ու կ՛ապրի կրօնական ծայրայեղութեան երեւոյթը։ Այս բոլոր հարցերը միջազգային անդրադարձ ունին եւ արտայայտուած են ճանապարհ խաչի աղօթքներուն մէջ։''

կարտինալ Ռային հուսկ ընդգծեց որ ճանապարհ խաչի 14 կայանները չեն վերջանար Յիսուսի մահով։ Արեւելքի եկեղեցիներուն մէջ ճանապարհ խաչը կը վերջանայ Քրիստոսի յարութեան կայանով։ Բոլոր խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են յարութեան վրայ, որովհետեւ պատմութիւնը չի վերջանար Աւագ Ուրբաթ օրը։ Մենք կը տատապինք ու կը մեռնինք յարութիւն առնելու համար։ Ասացուածք մը կայ որ կ'ըսէ խաչուածը սահմանուած է յարութեան։ Եղիշէն կ'ըսէ. ''մահ գիտացեալ անմահութիւն է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.